Պաշտօնական Պաքուն չէ հրաժարած իր հայատեաց եւ ռազմատենչ քաղաքականութենէն. Արայիկ Յարութիւնեան

2020-07-31
Image

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը մասնակցած է ՊԲ հրամանատարական հաւաքներու ամփոփիչ խորհրդակցութեան: Այս մասին ան գրած է իր ֆեյսպուքեան էջին եւ ներկայացուցած բարձրաստիճան սպայական անձնակազմին ուղղուած իր ելոյթէն քանի մը շեշտադրումներ։

«Պաշտօնական Պաքուն չէ հրաժարած իր հայատեաց եւ ռազմատենչ քաղաքականութենէն: Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Տաւուշի հատուածին հրահրուած բախումները, ապա Թուրքիոյ յարձակողական ու բացայայտ ներգրաւումը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն դէմ ռազմատենչ գործողութիւններուն մէջ անգամ մը եւս կը հաստատեն այն իրողութիւնը, որ բանակաշինութեան ոլորտը եղած է եւ կը մնայ մեր պետութեան կենսագործունէութեան ամենագերակայ ուղղութիւնը, եւ մենք պէտք է ընենք առաւելագոյնը բանակի զարգացման ու զօրացման համար:

Թէ՛ արդի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու ձեռքբերումը, թէ՛ ճարտարապետական նոր կառոյցներու ստեղծումը պաշտպանութեան գօտիի ամբողջ խորութեամբ, թէ՛ սպայական անձնակազմի ընկերային խնդիրներու լուծումը մշտապէս պիտի կրեն շարունակական բնոյթ՝ գտնուելով Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ ողջ ժողովուրդի յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը: Հայ զինուորականը պէտք է ապահովուած ըլլայ բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով թէ՛ Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ թէ՛ սեփական ընտանիքի կարիքները հոգալու համար:

Մեր բանակը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ հզօր ու մարտունակ՝ միշտ պատրաստ պաշտպանելու հայրենի երկրի սահմանները, հարազատ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը: Սա ազգային օրակարգի հարց է, եւ, համատեղելով համայն հայութեան ջանքերն ու ներուժը, մենք պիտի ընենք առաւելագոյնը այն յաջողութեամբ լուծելու համար»: