Պատերազմի զոհերուն թիւը 3809 է. Անյայտ է վայրը 199 զինուորի եւ 21 քաղաքայինի

2022-01-20
Image

ՀՀ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ կը շարունակուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական պատերազմ սանձազերծելու եւ վարելու նախաքննութիւնը:

Քրէական գործի շրջանակներուն մէջ պարզուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Արցախի եւՀայաստնաի հանրապետութիւններուն մէջ զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու ընդհանուր թուաքանակը կը կազմէ 3809 անձ։

19 Յունուար 2022-ի դրութեամբ անյայտ է 199 զինուորի եւ 21 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը։

Մինչեւ օրս Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին յանձնուած է գերեվարուած ընդհանուր թիւով 141 զինուոր եւ քաղաքացիական անձ։