Պատերազմի hանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած Է ԱԺ Քննիչ յանձնաժողով

2022-02-11
Image

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողով, նշուած է ԱԺ նախագահի տեղակալ, ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ:

Յանձնաժողովին լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Հարցերու մշտական յանձնաժողովը:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը անցնող Յուլիս 26-ին յայտարարեց 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները քննող յանձնաժողով ստեղծելու որոշման մասին, որուն մէջ պիտի ներառուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը:

Յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկ կառավարութեան կատարած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը պատերազմէն յետոյ: Սակայն Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին ընթացք չէր տուած իշխանութիւնը: