Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ բախումները նախաձեռնած է Ատրպէյճանը. ԱԳՆ

2022-01-14
Image

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի 13 Յունուար 2022-ի յատուկ նիստին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաու ներկայացուց լեհական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ յաջորդած միտքերու փոխանակման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արմէն Պապիկեան հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակ կազմակերպուող սադրանքներուն եւ զինուորական բախումներուն, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային կորուստներու:

«Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք 12 մայիս 2021-էն ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներուն կողմէ 11 Յունուար 2022-ին հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով կազմակերպած սադրիչ գործողութեան, որուն պատճառով զոհուած են Հայաստանի զինուորներ Արթուր Մխիթարեանը, Ռուդիկ Ղարիբեանը եւ Վահան Բաբայեանը:

«Ընդգծուեցաւ, որ վերջին օրերուն Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ, միեւնոյն ժամանակ, «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ այդ բախումները նախաձեռնած է Ազրպէյճանը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ուշադրութեան յանձնուեցան Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ գերի ինկած քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու խնդիրները, որոնք մինչեւ օրս չեն հանգուցալուծուած` Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին ներքեւ ստանձնած պարտաւորութիւններու ոտնահարման պատճառով:

Դեսպան Պապիկեան կոչ ուղղեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն` գործուն միջոցներու ձեռնարկելու` դադրեցնելու Ատրպէյճանի սադրանքները, եւ վերսկսելու տագնապի լուծման խաղաղ հոլովոյթին: