ՊԲ-ն կրակ չէ բացած Մարտունիի եւ Մարտակերտի մօտ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ. լուրը սուտ է

Մարտ 13-ին Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները Մարտ 12֊ի լոյս 13֊ի գիշերը գնդակոծութեան ենթարկած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններու ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը, իրականութեան չի համապատասխաներ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը:
Այդ ապատեղեկատուութիւնը հրադադարի սեփական խախտումները կոծկելու հերթական փորձն է: