ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովն անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմագերիներու փոխանակման խնդրին

2020-12-02
Image

Ռազմագերիներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուածներու մարմիններու փոխանակման հարցով պաշտօնական Մոսկուան միտումնաւոր յետաձգումներ չի տեսներ։ Այս մասին  յայտարարած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: Կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»։

«Դժուար է խօսիլ այս գործընթացին մէջ ինչ-որ միտումնաւոր յետաձգելու քայլերու մասին: Մենք այդպէս չենք տեսներ, բայց փաստ է, որ կան առարկայական դժուարութիւններ, որոնք այժմ, յոյսով եմ, աւելի արագ կը լուծուին»,-ըսած է Լաւրովը ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու առցանց հանդիպման արդիւնքներու մասին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

Ան նշած է՝ «հաշուի առնելով թէ ռազմական գործողութիւնները ինչպէս զարգացան, կրակի դադարեցումէն ետք անմիջապէս շատ դժուար էր լուծել այդ հարցերը, յատկապէս անյայտ կորսուած համարուողներու յստակ ցուցակներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ»:

«Յուսանք, որ միջազգային կառոյցի (ԿԽՄԿ) մասնագէտներու ներգրաւմամբ ամէն ինչ աւելի արագ կ'ընթանայ: Մեր խաղաղապահները, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, ի հարկէ, կ'օգնեն»,- աւելցուցած է Լաւրովը։