Ռուբէն Ռուբինեանն ընտրուած է ԱԺ փոխնախագահ

2021-08-03
Image

Խորհրդարանը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ԱԺ փոխնախագահի պաշտօնին ընտրեց Ռուբէն Ռուբինեանը: Ռուբինեանի թեկնածութիւնն առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Քուէարկութենէն ետք հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը յայտնեց, որ քուէարկութեան մասնակցած է 70 պատգամաւոր, որոնք բոլորն ալ կողմ  քուէարկած են Ռուբինեանի թեկնածութեան:

ԱԺ նախագահի միւս տեղակալի համար ՔՊ-ի թեկնածուն Յակոբ Արշակեանն է: ԱԺ նախագահի երրորդ տեղակալի պաշտօնի համար ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնն առաջադրած է Իշխան Սաղաթէլեանի թեկնածութիւնը: