Ռուբէն Վարդանեան պարէնային անվտանգութեան հարցեր քննարկած է առաքող եւ արտադրող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը հանդիպած է առաքող եւ արտադրող ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ՝ տեղեկանալու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ անոնց խնդիրներու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկելու պարէնային անվտանգութեանն առնչուող շարք մը հարցեր:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները պետական նախարարին հաւաստիացուցած են, որ շրջափակման իրավիճակի մէջ իրենց համար առաջնային է հանրային ու պետական շահը, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են կառավարութեան հետ համագործակցուած աշխատիլ՝ ճգնաժամը միասնաբար դիմակայելու համար:
Գործարարներն առաջարկած են նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային դիտարկել իրենց տնօրինութեան տակ գտնուող ենթակառուցուածքներու օգտագործման հնարաւորութիւնը՝ առկայ պաշարները պահպանելու եւ համաչափ բաշխելու հարցով:
Ռուբէն Վարդանեանը ողջունելի համարած է անոնց մօտեցումն ու դիրքորոշումը՝ ընդգծելով այս բարդ իրավիճակին մէջ առկայ խնդիրներու քննարկման եւ համատեղ լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը: