Ռուսաստանը կ'ողջունէ Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն ԵՄ միջնորդական ջանքերը․ Փեսքով

2021-07-21
Image

Ռուսաստանը պատրաստ է ողջունել Եւրոմիութեան երկիրներու միջնորդական ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն մէջ, եթէ անոնք նպաստեն առկայ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։ Այս մասին այսօր՝ 21 Յուլիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։

«Եթէ միջնորդական ջանքերը կայունութիւն, կանխատեսելիութիւն պիտի բերեն եւ օգնեն իրականացնելու գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւնները, ապա անոնք կարելի է միայն ողջունել։ Ընդհանուր առմամբ, այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը վատ չընթանար»,- ըսած է Փեսքովը՝ մեկնաբանելով ԵՄ երկիրներէն հնչող յայտարարութիւնները, թէ մտադիր են մտնել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափ։

Քրեմլի ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները ձեռք բերուած են «նախագահ Վլատիմիր Փութինի բաւական եռանդուն մասնակցութեամբ»:

«Ան մշտական կապի մէջ է ե՛ւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այժմ կը զբաղինք հենց այն պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, կեանքի կոչման հարցերով, որոնք ձեռք բերուած են»,- նշած է Փեսքով։