Ռուսաստանը սահմանազատման եւ սահմանագծման վերաբերեալ նոր առաջարկ ըրած է. Փաշինեան

2021-11-18
Image

Երէկ Ազգային Ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ ես յայտարարեցի, որ 2021-ի Մայիսէն ի վեր  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի  սահմաններուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման իրականացնելու  վերաբերեալ երեք առաջարկ հնչած է Ռուսաստանի կողմէ եւ երեքն ալ մեզի համար ընդունելի եղած են եւ կը շարունակեն ընդունելի մնալ: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Երէկ իմ յայտարարութիւնից յետոյ Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութիւնը նախարարութեան դեմարկացիայի եւ դելիմիտացիայի նախապատրաստական փուլի վերաբերեալ հանդէս է եկել առաջարկութիւններով: Ես ուզում եմ վերահաստատել, որ այդ առաջարկութիւնները մեզ համար ընդունելի են», ըսաւ ան:

Վարչապետը դիմեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին՝ ըսելով. «Խնդրում եմ Ռուսաստանի ձեր գործընկերոջ հետ ճշգրտէք մանրամասները եւ փորձենք իրագործել առաջարկները ՌԴ արած առաջարկների շրջանակներում եւ հիման վրայ»: