Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները կը խորանան․ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը

2021-04-29
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Քազանի մէջ է՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուդրի նիստին։

Նիկոլ Փաշինեանի առաջին հանդիպումը Հայաստանի ռազմավարական դաշնակցի՝ ՌԴ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ էր։

«Հայաստանն ու Ռուսաստանը բազմամեայ ռազմավարական ու դաշնակցային յարաբերութիւններ ունին»,- ըսած է ՌԴ կառավարութեան ղեկավարը՝ տեղեկացնելով, որ յաջորդ տարի կը լրանայ երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30 ամեակը։

Ան նշած է, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի ու 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւնները համատեղ աշխատելու նոր հնարաւորութիւններ ընձեռած են։

Սա նախ եւ առաջ տնտեսական ու փոխադրային հանգոյցներու ապաշրջափակում կը նշանակէ, սա նաեւ կայունութիւն է Անդրկովկասի տարածաշրջանի համար։

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերը 2020 թուականի սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմի ռազմական գործողութիւններու դադարի հարցով։

Նիկոլ Փաշինեանը յիշեցուցած է, որ ՀՀ, ՌԴ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ աշխատանքային խումբ ստեղծուած է, սակայն, մինչ այժմ Ատրպէյճանը դեռ չէ կատարած 9 նոյեմբերի յայտարարութեան կարեւոր կետը՝ չէ վերադարձուցած ռազմագերիները ու քաղաքացիական անձերը։

«Եւ ես կ'ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել Ռուսաստանի Դաշնութեան՝ այն ջանքերու համար, որոնք կը ներդրուին այս հարցը լուծելու համար»։

Փաշինեանը նոյնպէս կարեւորեց Ճանապարհներու ապաշրջափակումն ու նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծումը։ Նշեց, որ հնարաւոր է տարածաշրջանին մէջ փոխել տնտեսական իրավիճակը։

«Մենք շատ բարձր կը գնահատենք եռակողմ յանձնաժողովի աշխատանքը, քանի որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը կրնայ փոխել ողջ տնտեսական իրավիճակը մեր տարածաշրջանին մէջ եւ ամրապնդել տնտեսական կապերը, տնտեսական համագործակցութիւնը Ռուսաստանի ու Հայաստանի միջեւ»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։