Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները եղած են, կան եւ պիտի ըլլան լաւ. Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Իզվեսթիա»-ին

2021-04-30
Image

Կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ սպասուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ըլլան ազատ եւ օրինական։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այդ մասին «Իզվեսթիա»-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, որ Քազանի մէջ կը մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին։

«Կարեւոր է, որ ընտրութիւններն ազատ լինեն, եւ Հայաստանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունենան օրինականութեան ու ազատ կամարտայայտութեան պայմաններում ընտրել նոր խորհրդարան», –ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Ի պատասխան հարցի՝ վարչապետի պաշտօնակատարն ընդգծած է, որ ինքը տարաձայնութիւններ չունի եւ չունենար փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի եւ իր քաղաքական խումբի այլ անդամներու հետ։ Փաշինեանը շեշտած է, որ ինքն ու Աւինեանը քաղաքական համախոհներ են:

Խօսելով ընտրութիւններէն ետք Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու հեռանկարներու մասին՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ այդ հարցը պէտք չէ նոյնիսկ քննարկել։ «Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները եղել են, կան եւ կը լինեն լաւը», – ընդգծած է ան: