Ռուս խաղաղապահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յանձնած են աւելի քան 1960 մարմին

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուելէ յետոյ ռուս խաղաղապահներու կողմէ աւելի քան 1900 դի վերադարձուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեղական իշխանութիւններուն։ Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատարի տեղակալ Ռուսթամ Մուրատովը։
Խաղաղապահներու ձեռքով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեղական իշխանութիւններուն վերադարձուած է սպաննուածներու աւելի քան 1960 մարմին: Մինչ օրս մենք կը շարունակենք որոնողական աշխատանքները։
Երկու կողմերէն 100-է աւելի զինուորներ ազատած են գերութենէն եւ վերադարձած են հայրենիք։