Սերժ Սարգսեանը մեղադրեալի կարգավիճակով հարցաքննութեան կանչուած է

2021-11-23
Image

Վառելանիւթի գործով արդէն 2 տարի մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցող երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան մեղադրեալ ներգրաւուած է եւս մէկ այլ՝ այս անգամ կաշառքի գործով։ Ասիկա գործարար Սիլվա Համբարձումեանի բողոքի հիման վրայ երեք տարի առաջ յարուցուած քրէական գործն է, որով կը մեղադրուին երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր աշխատակազմի նախկին ղեկավար, այժմ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արմէն Գէորգեանը, ինչպէս նաեւ Քոչարեանի մտերիմ, գործարար՝ Սամուէլ Մայրապետեանը:

Սերժ Սարգսեանի պաշտպան՝ Ամրամ Մակինեան հաղորդած է, որ խօսքը գործարար՝ Սիլվա Համբարձումեանի բողոքի մասին է։ Յեղափոխութենէն յետոյ գործարարը յայտարարած էր, որ 2008-ին հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կաշառք տուած է ։

Երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը մինչ այժմ դատարանի առջեւ կանգնած է միայն վառելանիւթի գործով, ան կը մեղադրուի մօտ կէս միլիառ դրամ գումարի յափշտակութիւնը կազմակերպելու համար, մեղադրանքը չ’ընդունիր։ Արդէն մէկ տարիէն աւելի է, որ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս այս գործով դատավարութիւն կ’ընթանայ։

Անցեալ ամիս ալ քրէական գործ յարուցուած էր Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման ընթացքին Պատեն-Պատեն կատարած թռիչքներու գործով։ Պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման յօդուածով քրէական գործով Սարգսեան մեղադրեալի կարգավիճակ չունի։