Սեւանի ափին ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք բնապահպանական աղէտի. Փաշինեան

2020-07-31
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Սեւանայ լիճի ափամերձ հատուածին մէջ առկայ իրավիճակը «բնապահպանական աղէտ» որակած է: Այս մասին Վարչապետը ըսած է Շրջակայ միջավայրի նորանշանակ նախարար Ռոմանոս Պետրոսեանը ներկայացնելու ընթացքին:

«Սեւանայ լիճի խնդիրը մեր ամենալուրջ խնդիրներէն մէկն է: Երկար տարիներու ընթացքին մենք խնդիրը կը ստեղծենք մեր ամենօրեայ գործունէութեամբ, յետոյ, երբ խնդիրը կ'արտայայտուի, կ'ըսենք՝ «ո՞ւր է նախարարը, որ Սեւանը կանաչեցաւ: Ցաւօք, մենք չենք նկատեր, որ այդ նոյնիսկ ամենավատ նախարարի կամ կառավարութեան գործունէութեան պարագային չէր կրնար տեղի ունենալ մէկ շաբթուան ընթացքին, մէկ ամսուան, մէկ տարուան եւ, նոյնիսկ, 10 տարուան մէջ: Այդ ամենօրեայ մեր կենցաղավարման արդիւնքն է՝ սկսած մեր հանգստանալու, տնտեսավարման ձեւերէն, սկսած անկէ, թէ Սեւանի ափին ինչ կառոյցներ կը կառուցեն եւ ինչ տրամաբանութեամբ: Սեւանի ափին այսօր քալելով մենք ամէն քայլափոխի կը տեսնենք բնապահպանական աղէտ»,- ըսած է Փաշինեանը:

29Յուլիսին Շրջակայ միջավայրի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Վահէ Ճիլաւեանը մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտնեցոր Փոքր Սեւանի մէջ կանաչման եւ լողալու հետ կաուած խնդիր չկայ: