Սէյրան Օհանեան զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

ՀՀ Ազգային ժողովը «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը զրկեց անձեռնմխելիութենէն։
Քուէարկութեան մասնակցած է միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը։
Նշենք, որ փետրուար 7-ին ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը Սէյրան Օհանեանի դէմ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու 2 միջնորդութիւն ներկայացուց։ Առաջինը քննարկուեցաւ զօրամասի տարածքներու օտարման միջնորդագիրը։ Երկրորդ միջնորդագիրը գաղտնի էր եւ քննարկուեցաւ փակ նիստին։ Երրորդ միջնորդագիրը, որ կը վերաբերի խոշոր չարաշահումներուն, ներկայացուեցաւ այսօր։
Առաջին միջնորդութեան քուէարկութեան 107 պատգամաւորէն մասնակցեցան 68–ը, 2-րդին (գաղտնի միջնորդութիւն) եւ 3-րդին` 66, քանի որ ՔՊ պատգամաւորներէն 2-ը չունին գաղտնիութեան թոյլտւութիւն։
Բոլորը միաձայն կողմ քուէարկեցին։