Սիւնիքի մէջ` Որոտան գետի ափին տեղադրուած է Ատրպէյճանի դրօշը, տեղակայուած են ատրպէյճանցի զինուորներ (լուսանկարներ)

2020-12-23
Image

Այսօր հերթական անգամ ատրպէյճանցիներն այցելած են Սիւնիքի մարզի Որոտան համայնք։ Tert.am-ի թղթակցի փոխանցմամբ` ատրպէյճանցիները արդէն այդ հատուածին մէջ են եւ Որոտան գետի ձախ ափին տեղադրած են Ատրպէյճանի դրօշը։ Հայկական ու ատրպէյճանական ուժերու մարտական յենակէտերու համաձայնեցուած տեղակայման գործընթացը կը շարունակուի, բայց ատրպէյճանցիներն արդէն զինուորներ տեղակայած են, պաշտպանական կառոյց՝ զրահ ու դիրք ունին։ Այդ հատուածէն անոնց նշանառութեան տակ է «Տաթեւ» ՀԷԿ-ը, Գորիս-Կապան ճանապարհի չորս քմ երկարութեամբ հատուածը, որու մասին կը զգուշացնեն ՀՀ սահմանապահ զօրքերը, եւ Որոտան համայնքը։

Որոտան համայնքի տարածքին մէջ տեղակայուած են ռուս սահմանապահներ:

Նշենք, որ օրեր առաջ եւս ատրպէյճանցիները իրենց դրօշով եկած էին Որոտան, սակայն ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ համայնքի տարածքին մէջ դրուած դրօշը հեռացուցած էին, այն դիրքին մէջ տեղադրուած չէր։