Ստեփանակերտը կրկին մերժեց Պաքուի մէջ հանդիպելու Ատրպէյճանի առաջարկը

2023-03-28
Image

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը մերժէ ապրիլի սկիզբը Պաքուի մէջ հանդիպելու եւ համարկման հարցեր քննարկելու Ատրպէյճանի առաջարկը։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր վերահաստատած է նախապէս հնչեցուցած դիրքորոշումը՝ պատրաստ են հանդիպիլ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն, բայց Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ եւ անոնց հրամանատարութեան տեղակայման վայրին մէջ, այսինքն Իւանեանի մէջ, ուր, մասնաւորապէս, կը քննարկեն Լաչինի միջանցքի անխափան գործունէութեան հետ կապուած հարցերը։

Անդրադառնալով Պաքուի մէջ հանդիպելու եւ այսպէս կոչուած համարկման հարցեր քննարկելու Ատրպէյճանի առաջարկին, պաշտօնական Ստեփանակերտը շեշտած է, որ «ադրբեջանական կողմի հնչեցրած պայմանները, ինչպէս նաեւ համատեքստը, որում ներկայացուել է տուեալ առաջարկը, վկայում են, որ Ադրբեջանի իշխանութիւնների նպատակը ոչ թէ առկայ խնդիրների շուրջ իրական քննարկումն է, այլ հնարաւոր երկխօսութեան խաթարումը կամ հարկադրանքի, շրջափակման, կեանքի անտանելի պայմանների ստեղծման եւ ռազմական ուժի կիրառման միջոցով սեփական քաղաքական օրակարգի պարտադրումը»։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մասնաւորապէս, յիշեցուցած է, որ «Ադրբեջանի զինուած ուժերը անցած շաբաթ օրը կոպտօրէն խախտելով նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, հատել են շփման գիծը եւ առաջխաղացում կատարել դէպի Արցախի տարածքի խորքը՝ Ստեփանակերտ-Լիսագոր գրունտային ճանապարհի ուղղութեամբ։ Աւելին՝ երէկ եւս մէկ անգամ փորձել են վերահսկողութեան տակ առնել այդ ճանապարհը, որը շրջափակման պայմաններում Շուշիի շրջանի համայնքների եւ Արցախի այլ բնակավայրերի միջեւ կապի միակ հնարաւորութիւնն է։

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը վստահութիւն յայտնած է, որ «ողջամիտ քայլերի միջոցով հնարաւոր է յաղթահարել այս ծանր ժամանակաշրջանը նոյնպէս՝ պահպանելով ու պաշտպանելով Արցախի Հանրապետութեան կենսական շահերը»: