Ստեփանակերտի վրայ գիշերուայ հրետակոծութենէն տուժած է 3 քաղաքացիական անձ

Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ հոկտեմբեր 16-ի լոյս 17-ի գիշերը ատրպէյճանական զինուժի թիրախակէտին դարձեալ Ստեփանակերտը յայտնուած է:
Գիշերուան ընթացքին հակառակորդը տարբեր զինատեսակներով ու ողկուզային ռումբերով հրթիռակոծած է կեդրոնական ու ծայրամասային քանի մը փողոցներ՝ զգալի վնաս հասցուցած է մարդոց սեփական ունեցուածքին, աւերած է բնակարաններ: Նաեւ հարուածած է տնտեսական նշանակութեան մէկ կառոյց:
Ընդհանուր վնասներու չափկը կը ճշդուի:
Գիշերուայ հրետակոծութենէն տուժած է 3 քաղաքացիական անձ, անոնց տեղափոխած են հիւանդանոց: