Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին երեքով զրուցած են

2022-12-27
Image

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի ծիրէն ներս եռակողմ զրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ:

«Մենք ձեզի հետ դեռ երէկ սկսանք զրոյցը, եւ յջողեցանք երեքով խօսիլ։ Ի հարկէ, գլխաւոր հարցը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու, եւ ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորումն է, այն ամէնը, որ կապուած է Ղարաբաղի հետ։ Ինչպէս եւ պայմանաւորուած էինք, այս բոլոր մանրամասները կը քննարկենք», - ըսած Է Փութին Հայաստանի վարչապետի հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ:

ՌԴ նախագահը խօսած է նաեւ տնտեսական ոլորտի մէջ հայ–ռուսական համագործակցութեան մասին։ «Ընթացիկ տարուան 10 ամիսներու ընթացքին ապրանքաշրջանառութեան 73 տոկոս աճը լաւ արդիւնք է»,–ըսած է ան։

Նշենք, որ երէկ` 26 դեկտեմբերին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սան Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին:

Գագաթնաժողովին մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ուզպեքստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոեւը, Թուրքմէնստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՊՀ տարածքին համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:

Մինչ գագաթնաժողովի մեկնարկը տեղի ունեցած է հանդիպման մասնակիցներու տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը, այնուհետեւ ներկաները ողջունած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Գագաթնաժողովն աւարտած է ԱՊՀ պետութիւններու առաջնորդներու աշխատանքային ճաշով: