Վահագն Խաչատուրեանը երդմամբ ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի յատուկ նիստին Վահագն Խաչատուրեանը երդմամբ ստանձնեց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:
ՀՀ 5-րդ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդման համար ԱԺ յատուկ նիստը տեղի կ'ունեանայ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Նիստը կը վարէ ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը:
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Վահագն Խաչատուրեանը, ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանի եւ ՀՀ Սահմանադրութեան վրայ, երդուեցաւ . «Ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ երդուում եմ. հաւատարիմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը, իմ լիազօրութիւններն իրականացնելիս լինել անաչառ, առաջնորդուել միայն համապետական եւ համազգային շահերով եւ իմ ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործում»:
Երդմնակալութենէն ետք հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեան խօսք յղեց:
Արարողութեան կը մասնակցին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահի լիազօրութիւնները մինչ այս կատարող ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, նախարարներ, այլ պաշտօնատար անձինք: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցիր յատուկ նիստին:
Նախագահի երդման արարողութեան հրաւիրուած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, սփիւռքի եւ հայրենիքի պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, արտախորհրդարանական ուժեր, գործարարներ, պաշտօնատար անձինք, ՀԿ-ներու ներկայացուցիչներ:
Նախագահի պաշտօնին Խաչատուրեանի թեկնածութիւնն առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: ՀՀ ազգային ժողովը Վահագն Խաչատուրեանին Հանրապետութեան նախագահ ընտրած էր 3 Մարտի նիստին: Վահագն Խաչատուրեանը Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է 7 տարի ժամկէտով: