Վահէ Ղազարեան նշանակուած է Ներքին գործերու նախարար

Հայաստանի նախագահը հրամանագրեր ստորագրած է ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահէ Ղազարեանը զբաղեցուզած պաշտօնէն ազատելու եւ ներքին գործերու նախարար նշանակելու մասին:
Ազգային Ժողովը 2022 թուականի Դեկտեմբերին արտահերթ նիստով, 67 կողմ եւ 6 դէմ ձայնով, ընդունեց Ներքին Գործերու Նախարարութիւն ստեղծելու վերաբերեալ օրէնսդրական փաթեթը:
Ներքին Գործերու Նախարարութիւն եղած է նաեւ 90-ականներուն, Ոստիկանութիւն դարձաւ Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք 2002 թուականէն:
Յիշեցնենք, որ Վահէ Ղազարեանը կը զբաղցնէր ՀՀ ոստիկանապետի պաշտօնը։