Վաղարշակ Յարութիւնեանը եւ Սերկէյ Շոյկուն քննարկած են գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին առնչուող հարցեր

2021-01-22
Image

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի իր գործընկերոջ հետ, յայտնած է Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը, Լեռնային Ղարաբաղի անմիջական իրավիճակին, գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ անյայտ կորածներու որոնողական աշխատանքներուն առնչուող շարք մը խնդիրներ։

Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկուն նաեւ կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներու վերաբերեալ: