Վաղարշակ Յարութիւնեան նշանակուած է ՌԴ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

2022-01-05
Image

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Վաղարշակ Յարութիւնեանը Ռուսիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին:  

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 14-րդ յօդուածի 1-ին մասի. Վաղարշակ Յարութիւնեանին նշանակել Ռուսաստանի Դաշնութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Մոսկուա)»,- ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ: 

Նախագահը հրամանագիր ստորագրած է նաեւ Վարդան Տողանեանը Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն ետ կանչելու մասին: