Վարչապետը ընդունեց արժանթինահայ բարերար՝ Էտուարտօ Էռնեկեանը

2020-09-15
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Հայաստանի ազգային հերոս, արժանթինահայ  գործարար, բարերար Էտուարտօ Էռնեկեանը:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ Փաշինեան հանդիպման ընթացքին նշած է. «Ուրախ եմ, որ Դուք «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ նոյնպիսի ոգեւորութեամբ կը վերաբերիք Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւններուն: Ձեր կողմէ իրականացուած նախկին ծրագրերը յաջողութեամբ կ'իրականացուին, ինչն, ի հարկէ, ուրախալի է մեզի համար: Համոզուած եմ, որ այս համագործակցութիւնն աւելի տեսանելի արդիւնքներ կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Էռնեկեան ըսած է, որ հետեւողականօրէն պիտի  շարունակէ հայրենիքին մէջ տարբեր ոլորտներէ ներս ներդրումային ծրագիրները եւ կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Վարչապետը եւ արժանթինահայ  գործարարը քննարկած են Հայաստանի մէջ «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ ՓԲ Ընկերութեան կողմէ կատարուող ծրագիրները։ Մասնաւորապէս, անդրադարձած են ընկերութեան կառավարման տրուած Երեւանի «Զուարթնոց», Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, վերանորոգման եւ հետագայ շահագործման վերաբերող հարցերուն։ Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ Էտուարտօ Էռնեկեանին պատկանող ընկերութիւններու կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուող եւ առաջիկային նախատեսուող այլ ձեռնարկատիրական ծրագիրներու շուրջ։