Վարչապետը յարգած է Մարտի 1-ի զոհերուն յիշատակը

Այսօր կը լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 14-րդ տարին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ալէն Սիմոնեանը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այսօր վաղ առաւօտեան Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցած են զոհերու յիշատակին:
2008 թուականի Մարտ 1-ի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:
Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին վրայ եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներուն եւ ուժայիններուն միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան:
2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն 14 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները ցայսօր պարզուած չեն: