Վարչապետ Փաշինեանն աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսա

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մարտ 8-9-ը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:
ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ այցի ծիրէն ներս վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այնուհետեւ երկու երկիրներու առաջնորդները Փարիզի մէջ պիտի մասնակցին «Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրով համաժողովին:
Միջոցառման ընթացքին Հայաստանի ու Ֆրանսայի կառավարութիւններու անդամները պիտի քննարկեն տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացմանն ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
Համաժողովին ելոյթներ պիտի ունենան վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Մաքրոնը:
Յիշեցնենք՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով Ֆրանսայի նախագահը ուղերձ յղած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Ան նշած էր, որ ուրախ պիտի ըլլայ այս առիթով ընդունելու Փաշինեանը Փարիզի մէջ` նշելու երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը: