Վարչապետ Փաշինեան եւ ԵԱՏՄ կառավարութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Ղազախստանի նախագահին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ «պատժամիջոցներու գործողութիւնները ակնյայտ ազդեցութիւն պիտի ունենան եւրասիական տարածաշրջանին մէջ տնտեսական մթնոլորտին վրայ»:
Նուր-սուլթանի մէջ գտնուող Փաշինեան այդ մասին ըսած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-ժոմարթ Թոքաեւի հետ ԵԱՏՄ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:
«Մենք գտնւում ենք զգայուն ժամանակահատուածում, աշխարհաքաղաքական զգայուն տեկտոնական գործընթացներում: Ի հարկէ, ակնյայտ է, որ պատժամիջոցների գործողութիւններն ակնյայտ ազդեցութիւն կ'ունենան եւրասիական տարածաշրջանում տնտեսական մթնոլորտի վրայ, եւ մենք պէտք է քննարկենք, թէ ինչպիսի գործնական որոշումներ պէտք է ընդունել, որպէսզի այդ բացասական ազդեցութիւնները լինեն նուազագոյն եւ եթէ հնարաւոր է, շրջանցել դրանք, իրականացնելով համապատասխան քայլեր», ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ ըսա է, որ առկայ է Եւրասիական տնտեսական տարածաշրջանի ընդլայնման ներուժ:
«Կան դիտորդ պետութիւններ, որոնց հետ բաւականին արդիւնաւէտ համագործակցում ենք: Առկայ է նաեւ որոշակի հետաքրքրութիւն այլ երկրների կողմից` սերտացնելու կապերը Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ», ըսած է վարչապետը: