Վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

Տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած է Կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան ՌԴ նախագահին տեղեկացուցած է Ապրիլ 6-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներու մասին:
Զրուցակիցները կարեւորած են Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկի մասին պայմանաւորուածութիւնները: Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիարժէք աջակցիլ նշուած գործընթացներուն:
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժման: Վարչապետ Փաշինեան արտայայտած է հայկական կողմի ակնկալիքը, որ ռուս խաղաղապահները յստակ միջոցներ ձեռնարկեն ներխուժած ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրս ելլելը ապահովելու համար:
ՀՀ վարչապետը եւ ՌԴ նախագահը անդրադարձած են նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական փոխգործակցութեան հարցերուն ու պայմանաւորուած, որ նաեւ այս հարցերը մանրամասնօրէն պիտի քննարկեն Ապրիլ 19-ին Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՌԴ կատարելիք պաշտօնական այցի ընթացքին: