Վետիի մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան

2022-01-05
Image

ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է վաղաժամկէտ դադրեցնել Արարատի մարզի Վետի համայնքի աւագանիի լիազօրութիւնները: 

«Վետի համայնքում նշանակել աւագանու արտահերթ ընտրութիւններ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» ՀՀ սահմանադրական օրէնքով սահմանուած՝ տեղական ինքնակառավարման մարմինների հերթական ընտրութիւնների անցկացման կարգով», կը նշուի կառավարութեան որոշման մէջ:

Նշենք, որ Վետիի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու աւագանիի բոլոր թեկնածուները ինքնաբացարկի դիմումներ  ներկայացուցած են:

Յիշեցնենք` 5 Դեկտեմբերին կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով` Վետիի մէջ ամենաշատ ձայներ հաւաքած էր «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը: Կուսակցութեան օգտին 8666 մարդ քուէարկած էր: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը հաւաքած էր 7690, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 3299 քուէ: Որեւէ ուժ բաւարար ձայներ չէր ստացած միայնակ իշխանութիւն ձեւաւորելու համար: