Վերսկսիլ աշխատանքները, խուսափիլ սադրանքներէ. ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները հանդէս եկած են Ղարաբաղի վերաբերեալ յայտարարութեամբ

2021-12-08
Image

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն, Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Եւրոպայի ու արտաքին գործերու նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան աջակցութիւն կը յայտնեն ուղիղ երկխօսութեան վերսկսման Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ։ 

Համանախագահները կոչ կ'ընեն շարունակելու երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ շարունակելու շփումները ղեկավարներու մակարդակով՝ տարածաշրջանին մէջ տեւական կայուն խաղաղութիւն ապահովելու նպատակով:

Համանախագահ երկիրները կոչ կ'ընեն Հայաստանին ու Ատրպէյճանին զերծ մնալու ռազմատենչ հռետորաբանութենէ ու սադրիչ գործողութիւններէ եւ ամբողջութեամբ կատարելու 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները վերահաստատած են 2021-ի Նոյեմբեր 26-ի իրենց յայտարարութեան մէջ։

Համանախագահ երկիրները նաեւ «մտահոգութեամբ կը նշեն վերջին միջադէպերը Հայաստան-Ատրպէյճան չսահմանազատուած սահմանին եւ կը վերահաստատեն, որ սահմանային վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումը կամ սպառնալիքը անընդունելի է»։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը՝ աշխատելու կողմերուն հետ՝ գտնելու համապարփակ լուծումներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող մնացեալ բոլոր հարցերուն համար, իրենց մանտաթի համաձայն՝ ապահովելու անվտանգ, կայուն, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար: