Վնասուած է Գորիս-Կապան-Քաջարան մայրուղային կազատարը

Տանձաւեր-Շուռնուխ նոր կառուցուող ճանապարհի 6-րդ քմ-ին շինարարական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ վնասուած է կազատար խողովակը։ Այս մասին հաղորդած է Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը։
Կ'իրականացուին վերականգնողական աշխատանքներ։
Նշուած է, որ աւելի վաղ «Կազփրոմ Արմենիա» ՓԲԸ-ն տեղեկացուցած էր, որ Ապրիլ 2-ին ճանապարհաշինարարական աշխատանքներու ընթացքին վնասուած է Գորիս-Կապան-Քաջարան մայրուղային կազատարը՝ 13,5 քմ հատուածին։
Վթարի հետեւանքով վերականգնման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով ժամը 11։10-էն դադրեցուած է Սիւնիքի մարզի Գորիս, Կապան քաղաքներու, Գորիսի եւ Կապանի տարածաշրջաններու բնակավայերու, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը: