Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեանը պիտի ազատուի պաշտօնէն

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեանը պիտի ազատուի զբաղցուցած պաշտօնէն։
Ինչպէս կը տեղեկանանք կառավարութեան պաշտօնական էջէն, Հայկ Չոպանեանի ազատման հարցը ընդգրկուած է 1 ապրիլի կառավարութեան նիստի օրակարգին մէջ։
Մամուլի մէջ լուրեր կը շրջանառուին, որ Հայկ Չոպանեանը պիտի նշանակեն բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար՝ հրաժարական ներկայացուցած Յակոբ Արշակեանի փոխարէն:
Նշենք, որ Հայկ Չոպանեանը աւարտած է ԵՊՀ պատմութեան բաժինը, աւելի ուշ ուսանած է ՀՀ կառավարման դպրոցէն ներս: