Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը

2022-01-14
Image

Մոսկուայի մէջ այսօր՝ 14 Յունուարին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը։  

Կառուցողական մթնոլորտի մէջ կայացած առաջին հանդիպման ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները իրենց նախնական միտքերը փոխանակած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան միջոցով կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։

Կողմերը համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաններու։

Երկրորդ հանդիպման ամսաթիւն ու վայրը կ'որոշուի պատշաճ ժամկէտի մէջ՝ դիւանագիտական ուղիներով։