Տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը

Այսօր Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըճի հանդիպումը:
Յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատած են, որ բանակցութիւններու վերջնական նպատակը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ լիարժէք կարգաւորումն է, ինչպէս պայմանաւորուած էին Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպման ընթացքին:
Անոնք միտքեր փոխանակած են այդ կապակցութեամբ համատեղ հնարաւոր ճշգրիտ քայլեր ձեռնարկելու շուրջ եւ վերահաստատած են իրենց համաձայնութիւնը` գործընթացը շարունակելու առանց նախապայմաններու: