Տօնոյեան պիտի մնայ կալանքի տակ

2022-12-29
Image

Հակակոռուպցիոն  (կաշառակերութեան դէմ-Խմբ.) դատարանը այսօր՝ 29 դեկտեմբերին, մերժած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ազատ արձակելու մասին պաշտպաններու միջնորդութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Տօնոյեանի պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեանը։

Ան յայտնած է, որ իրենք կրկին նախկին նախարարը 35 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էին։

Սերկէյ Յովհաննիսեանն ըսած է, որ գրաւ դրուած էր Տօնոյեանի բնակարանը։

Պաշտպանը նշած է, որ դատարանի որոշման դէմ կը պատրաստուին բողոք ներկայացնել։

Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Տօնոյեանը կ'անցնի ռազմամթերքի մատակարարման չարաշահումներու գործով։ 

Նշենք, որ դատարանի որոշմամբ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանքի տակ է նախորդ տարուան 30 սեպտեմբերէն։