Ցնցուած եմ եղբայրական Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումէն. Փաշինեան

2020-08-05
Image

Ցնցուած եմ եղբայրական Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումէն։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ աւելցուցած․

«Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ։ Իմ զօրակցութիւնը յայտնեցի Արամ վեհափառին, հայ համայնքին, Լիբանանի եղբայրական պետութեան եւ ժողովուրդին:

Կը սգանք բոլոր զոհերու մահը եւ կը ցաւակցինք բոլոր զոհերու հարազատներուն եւ մտերիմներուն։

Կանգնած ենք եղբայրական Լիբանանի կողքին»: