Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ առկայ իրավիճակը

2022-01-12
Image

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինյենը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը եւ Ղազախստանի մէջ խաղաղապահ զօրախումբի աշխատանքը, կը յայտնէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։

«Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հաշուի առնելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը՝ մտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ խաղաղապահ գործողութեան ընթացքի շուրջ։ Ընդգծուած է խաղաղապահ զօրախումբի արդիւնաւէտ եւ համակարգուած գործողութիւնները, որոնք կը նպաստեն հանրապետութեան մէջ իրավիճակի կարգաւորման», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։ 

«Քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման որոշ հարցեր, որոնք արձանագրուած են Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու՝ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուարի 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններուն մէջ։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու շփումները տարբեր մակարդակներով», նշած են Քրեմլէն։