Փաշինեան Լոս Անճելոսի մէջ ներկայացուց Համահայկականութեան գաղափարը

2019-09-23
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ ներկայացուցած է համահայկականութեան գաղափարը:

«5 Օգոստոսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ես խօսեցայ համահայկականութեան գաղափարի մասին: Ես համոզուած եմ՝ ձեզմէ շատերը, եթէ ոչ բոլորը, հետեւած են այդ իրադարձութեան, եւ ես չեմ ուզեր կրկնել այն ամէնը, ինչ ըսած եմ այնտեղ: Կ'ուզեմ աւելցնել անոր՝ ի՞նչ կը նշանակէ  համահայկականութեան գաղափարը: Սա կը նշանակէ, որ աշխարհի բոլոր հայերը առանց կտրուելու իրենց առօրեայէն, իրենց կեանքէն, իրենց գործունէութենէն, պէտք է արձանագրեն եւ պէտք է կամք ցուցաբերեն՝ գործելու ի շահ Հայաստանի եւ գործելու ի շահ Արցախի: Ես կ'ուզեմ ընդգծել, որ իմ այս խօսքը ուղղուած է ամբողջ սփիւռքին՝ Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ասիոյ մէջ: Ի՞նչ կը նշանակէ այս  գործնականի մէջ: Սա ամենեւին չի նշանակեր գործել ընդդէմ իրենց բնակութեան վայր հանդիսացող երկրի եւ յօգուտ Հայաստանի: Իմ ըսածը պէտք է արտայայտուի անոր մէջ, որ այդ երկիրներուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները իրենց ջանքերը պէտք է գործադրեն այդ երկիրներու եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման, Հայաստանի նոր ընկալման հանրահռչակման եւ  քարոզչութեան: Այո, ինչպէս մենք միասին կերտած ենք Հայաստանի նոր պատկերը, այդպէս ալ մենք պէտք է շարունակենք Նոր Հայաստանի հանրահռչակումը կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել՝ promotion-ը: Եւ ես յոյս ունեմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, աշխարհի իւրաքանչիւր հայ...աշխարհի 10 միլիոն հայութիւնը պիտի դառնայ Հայաստանի, թոյլ տուէք այդպէս ալ ըսել, promoter-ը, որովհետեւ Հայաստանը բոլորիս երկիրն է եւ  Հայաստանը մեր բոլորի հայրենիքն է»,-  նշած է Փաշինեանը:

Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք հայ երիտասարդութեան շրջանին կ'աճի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ: «Ինծի արդէն ըսած են, որ այդ երեւոյթը տեղ ունի արդէն, որ հարիւրաւոր, հազարաւոր հայեր, հայ երիտասարդներ Ամերիկայի մէջ, ամենուր, որոնք նոյնիսկ հայերէն սկսած էին չխօսիլ, յեղափոխութենէն ետք սկսած են աւելի շատ հետաքրքրուիլ իրենց հայրենիքով, իրենց ինքնութիւնով ու իրենց պատմութեամբ, եւ մենք, ցանկալով երիտասարդութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այս նոր իրավիճակի վրայ, այսպիսի ասացուածք մը կամ կարգախօս մը մտածած ենք անոնց համար՝ ըսելով, որ սիրելի հայրենակիցներ՝ հայ ըլլալը հետաքրքիր է, եւ մենք իրար հետ պէտք է հայ ըլլալը աւելի ու աւելի հետաքրքիր դարձնենք, որովհետեւ հայ ըլլալը իսկապէս հետաքրքիր է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ոչ միայն մեծ անցեալ ունի, ոչ միայն մեծ ներկայ ունի, այլեւ շատ աւելի մեծ ապագայ ունի եւ մենք այսօր իրար հետ կը կերտենք այդ ապագան»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը: