Փաշինեան կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւնները (Լուսանկար)

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ:
Վարչապետն այսօր առանձին հանդիպած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանին եւ Միաւորուած աշխատանքային կուսակցութեան նախագահ Գուրգէն Արսէնեանին:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու ետ վերադարձին, 2021 թուականին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու անցկացման եւ տնտեսութեան զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր: Վարչապետը լսած է կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու կարծիքներն ու դիրքորոշումները: