Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մաքրոնի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Փարիզի մէջ նախատեսուող Հայ-ֆրանսական համագործակցութեան համաժողովի կայացման ու յառաջիկային կայանալիք իրենց հանդիպման առնչուող օրակարգային հարցերու:
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման:
Միտքեր փոխանակուած են միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ: