Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

2023-02-01
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ կարեւորած է ատոր յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը:

Այս ծիրէն ներս, անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան:

Զրուցակիցները քննարկած են 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի յունուար 11-ին, նոյեմբեր 26-ին եւ 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ին ստորագրուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային այլ հարցերու շուրջ: