Փաշինեան մասնակցած է «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովի բացման

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի նախաձեռնութեամբ իրականացող «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովի բացման, որ կայանայ առցանց: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:
Երկօրեայ միջոցառման կը մասնակցին աւելի քան հարիւր երկրի առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ:
Համաժողովի բացման ելոյթով հանդէս եկած է Ճօ Պայտըն, որմէ ետք մեկնարկած են քննարկումները:
Համաժողովին կը մասնակցին նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու, մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ:
Երկօրեայ քննարկումներու օրակարգի մէջ են՝ ժողովրդավարութեան դէմ սպառնալիքները դիմագրաւելու, փտածութեան դէմ պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովին նախատեսուած է 10 Դեկտեմբերին: