Փաշինեան մասնակցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցական հերթական նիստին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի հերթական նիստին: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն:
Նիստին ներկայ գտնուած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Նորայր Նորիկեան, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Խզմալեան, Հայաստանի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեան, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեան, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեան, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեան եւ Տիգրան Արզաքանցեան: