Փառուխը ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ Է, հայկական ուժերը պահպանած են Քարագլուխի հիմնական մասին տիրապետումը

2022-03-28
Image

Մարտ 27-ի երեկոյեան եւ 28-ին` ժամը 12:00-ի դրութեամբ, մարտավարական իրադրութիւնը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, այդ շարքին` նաեւ շփման գիծի արեւելեան հատուածին մէջ, յարաբերական կայուն է, զինադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած, կը յայտնէ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը այժմ կը գտնուի Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան գօտիին մէջ:

«Շնորհիւ Արցախի զինուած ուժերի խիզախ ջանքերի` հայկական կողմին յաջողուել է կասեցնել ատրպէյճանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների յառաջխաղացումը եւ պահպանել Քարագլուխ լերան հիմնական մասի հանդէպ տիրապետումը», կը յայտնէ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը` նշելով, որ ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի մէկ հատուածին մէջ ամրացուած դիրքերուն մէջ:

Աշխատանքները ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամատարութեան հետ ատրպէյճանական կողմի` ելման դիրքեր վերադառնալու շուրջ կը շարունակուին, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Բանակցութիւններու արդիւնքներով, ատրպէյճանական կողմը իրականացուցած է իր ստորաբաժանումներուն դուրսբերումը Փառուխ բնակավայրի տարածքէն, ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան վերաբերեալ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդման մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ Ասկերանի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտման երկու դէպք արձանագրուած է. փոխհրաձգութեան հետեւանքով իւրաքանչիւր կողմէ վիրաւորուած է երկու հոգի:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատարութիւնը, համագործակցելով հակամարտող կողմերի ներկայացուցիչների հետ, կայունացրել է իրավիճակը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: