Փառուխի մէջ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը. վիրաւորուած է մէկ զինծառայող. ՌԴ ՊՆ

2022-04-12
Image

Արցախի Փառուխ գիւղաւանին մէջ Ատրպէյճանեան կողմը խախտած է հրադադարը։ 

Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։

Կը նշուի, որ միջադէպին հետեւանքով հայկական կողմը ունի մէկ վիրաւոր։

Կը նշուի նաեւ, որ իրավիճակի հանդարտեցման առընթեր  երեւելի ճիգեր իրականացուցած են Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերը։

Ներկայիս իրադրութիւնը կը գտնուի վերահսկողութեան տակ։

Յիշեցնենք, որ ճիշդ շաբաթ մը առաջ զինեալ միջադէպ գրանցուած էր այդ շրջանին մէջ, իսկ ատրպէյճանեան ուժեր յառաջխաղացք ունեցած էին դիրքեր ամրացնելով Քարագլուխ անունով յայտնի բլրակի մէկ հատուածին վրայ։