Փարիզի մէջ կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Շառլ Միշելի ոչ-պաշտօնական հանդիպումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ ոչ-պաշտօնական հադիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային տարբեր հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին: Վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին առկայ իրավիճակն ու անթոյլատրելի համարած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն շարունակուող սադրիչ գործողութիւնները:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներում շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն աւարտած է: