Փոխադրային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ. Գոյացած է փոխընբռնում

2022-10-03
Image

2 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միրզոյեանը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ։ Կարեւորուած է սահմանային իրավիճակի վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատականի պէտք է արժանանան միջազգային ատեաններու կողմէ, իսկ յանցագործները՝ պատասխանատւութեան ենթարկուին։

«Կողմերը մտքեր են փոխանակել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան երաշխիքների ապահովման վերաբերեալ, այդ թուում` Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումների մեքանիզմի ստեղծման միջոցով»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ  Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան` դրական գնահատուած է երկուստեք ըմբռնումը, որ տարածաշրջանային փոխադրային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ։