Փութին եւ Փաշինեան հանդիպեցան Մոսկուայի մէջ. ստորագրուեցան փաստաթուղթեր

2022-04-19
Image

Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս մերձմոկսովեան Նովո-Օկորիովո նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումը:

Ողջունելով Վարչապետ Փաշինեանը` Ռուսիոյ նախագահը նշեց. «Յարգելի՛ Նիկոլ Վլատիմիրի, շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով:

Ձեր այցելութիւնը նուիրուած է մեր երկրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 30-ամեակին: Գիտեմ, որ ունիք շատ մեծ ծրագիր մը` հանդիպումներ կառավարութեան ղեկավարին եւ Դաշնային ժողովի ղեկավարութեան հետ, այնուհետեւ այցելութիւն մը՝ Նիժնի Նովկորոտ: Նախատեսուած է նաեւ շարք մը փաստթուղթերու ստորագրում:

Մենք մեր իրաւական յարաբերութեանց մէջ ունինք նախորդ տարիներուն ստորագրուած 200 փաստաթուղթերու հարուստ արխիւ մը: Ասիկա գործնականօրէն լաւ առիթ մը կը ստեղծէ աշխատելու բոլոր ուղղութիւններով, որոնցմէ առաջնայիններէն է տնտեսութիւնը: Մեր վիճակագրութեան համաձայն՝ 2021 թուականին մենք ունեցած ենք 12.8 տոկոսի աճ, իսկ այս տարուան առաջին ամիսներուն՝ 50 տոկոսի աճ: Այս մէկը շատ լաւ ցուցանիշ մըն է, յատկապէս ժամանակակից աշխարհի մէջ:

Հարկաւ, մեր ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս՝ Ղարաբաղի հարցը: Համաձայն եմ ձեզ հետ, խնդիրները շատ են, մենք ձեր հետ մշտական կապի մէջ ենք, եթէ ոչ ամէն շաբաթ, ապա իւրաքանչիւր 10 օր անգամ մը կը զրուցենք հեռաձայնով: Հակառակ համաճարակին, մենք ունինք կանոնաւոր հանդիպումներ: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով, բարի գալուստ»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր հերթին նշեց. «Շնորհակալութիւն Վլատիմիր Վլատիմիրի: Առաջին հերթին թոյլ տուէ՛ք շնորհակալութիւն յայտնել պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա հրաւիրելու համար:

Ինչպէս ըսիք, այս այցելութիւնը ունի ոչ միայն գործնական, այլ նաեւ խորհրդանշական նշանակութիւն, որովհետեւ նուիրուած է մեր երկրներու դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման 30-ամեակին եւ ցոյց կու տայ, որ մեր երկրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի վրայ: Յոյս ունիմ, որ այս այցելութենէն ետք այդ շարժը ոչ միայն կը շարունակուի, այլ նաեւ կը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ:

Մենք իսկապէս կը գտնուինք մշտական կապի մէջ, շատ յաճախ կը հանդիպինք, մշտապէս կ’ունենանք հեռաձայնային զրոյցներ՝ տրուած ըլլալով, որ մեր երկկողմ յարաբերութեանց օրակարգը շատ յագեցած է, գործնականօրէն բոլոր ոլորտներէն ներս` սկսած տնտեսութենէն, աւարտած մշակոյթով, կրթութեամբ եւ ռազմական համագործակցութեամբ: Ռուսիան կը հանդիսանայ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը, մենք արդիւնաւէտ կերպով կը գործակցինք Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ: Գաղտնիք չէ, որ Ռուսիան առանցքային դերակատարութիւն ունի մեր տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ:

Պէտք է անգամ մը եւս ընդգծեմ ձեր առանցքային դերը 2020 թուականին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ հրադադարի հաստատման գործին մէջ: Անկէ ետք, ռուս խաղաղապահները կը գործեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ պէտք է ընդգծել, որ ընդհանուր առմամբ, ռուս խաղաղապահներուն գործունէութիւնը կ’ապահովէ անվտանգութիւնը, եւ կը թուի, ոէ պէտք է նայիլ, թէ ի՛նչ կարելի է ընել, որպէսզի խաղաղապահներու գործունէութիւնը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ:

Անշո՛ւշտ, գլխաւոր քաղաքական հարցը մեր տարածաշրջանէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումն է: Յոյս ունիմ, որ այսօր այդ մասին նոյնպէս կը խօսինք: Իսկապէս, իմ այցելութիւնը ունի շատ յագեցած օրակարգ մը, որուն մեծ մասը կապուած է այս բանակցութիւններուն հետ: Վստահ եմ, կը յաջողինք արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարել: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով»:

Ամփոփելով իր խօսքը` Վլատիմիր Փութինը ըսաւ. «Դուք յիշեցիք մշակոյթի ոլորտէն ներս մեր համագործակցութիւնը: Ռուսիոյ մէջ, ձեր այցելութեան եւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 30-ամեակին առթիւ տեղի կ’ունենան հայկական մշակոյթի օրեր, իսկ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան Ռուսիոյ հոգեւոր մշակոյթի օրեր: Կը կարծեմ, որ այս մէկը նոյնպէս մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ այս հանդիպման ընթացքին»:

***

ՀՀ վարչապետին` Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, երկու երկրներուն միջեւ ստորագրուեցան հետեւեալ փաստաթուղթերը.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Ռուսիոյ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան միջեւ ընկերային աշխատանքային ոլորտէն ներս համագործակցութեան մասին յուշագիր մը»,

«Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան հարկադիր կատարման ծառաութեան եւ Ռուսիոյ դատական կարգադրիչներու դաշնային ծառայութեան միջեւ 2022-2023 թուականներու համագործակցութեան ծրագիր մը»,

«Ուժանիւթային եւ ոչ ուժանիւթային նախագծերու բնագաւառէն ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան համալիր ծրագիր մը»,

«Հայաստանի Հանրապետութեան սնունդի անվտանգութեան տեսչական մարմնի եւ Ռուսիոյ անասնաբուժական եւ բուսական առողջապահական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութեան միջեւ՝ բուսապահպանութեան ոլորտէն ներս տեղեկատուական համակարգերու համարկման անցնելու վերաբերեալ արձանագրութիւն մը»,

«Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան եւ Ռուսիոյ Մշակոյթի նախարարութեան միջեւ 2022-2025 թուականներու մշակոյթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան մասին ծրագիր մը»,

«Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան եւ Ռուսիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան միջեւ 2022-2023 թուականներու համագործակցութեան ծրագիր մը»,

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միջեւ տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման բնագաւառէն ներս համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը»: