Փութին Փաշինեանին ըսած է, որ կ'ակնկալէ Ղարաբաղի բոլոր խնդիրներու շուրջ համաձայնութեան ձեռք բերում

2021-01-12
Image

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երկկողմ հանդիպման յայտարարած է, որ կ'ակնկալէ Ղարաբաղին վերաբերող բոլոր խնդիրներու շուրջ համաձայնութեան ձեռք բերում:

«Իմ կարծիքով, իրօք, չնայած այն խնդիրներուն, որոնց մասին դուք ըսիք, եւ որոնք դեռ կը մնան չլուծուած, յոյսով եմ, որ, այնուամենայնիւ, կը յաջողուի համաձայնութեան գալ բոլոր խնդիրներու, այդ շարքին՝ մարդասիրական բնոյթի հարցերու շուրջ»,- ըսած է Փութինը:

«Ընդհանրապէս, իմ կարծիքով, հանդիպումն օգտակար է այն առումով, որ հնարաւոր ըլլայ որոշել տարածաշրջանի ապագան եւ տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու կառուցումը: Նախեւառաջ, ի հարկէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Կ'ուզեմ ըսել, որ մեր յարաբերութիւնները եղած են, կան եւ կ'ըլլան դաշնակցային: Բոլոր առումներով մենք մտերիմ գործընկերներ ենք: Այսօր մենք շատ խօսեցանք տնտեսութեան մասին: Այս կապակցութեամբ կ'ուզէի նշել, որ չնայած անցեալ դժուար տարուան՝ մենք գրեթէ 4%-ով աւելցուցած ենք մեր ապրանքաշրջանառութիւնը: Այս ամէնը հիմք կու տայ յուսալու, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման հետ լուծումներ կը գտնենք յօգուտ հայ ժողովուրդի, հայկական պետութեան եւ մեր երկկողմ յարաբերութիւններուն»: